2017-12-18 08:15:00

Լիբանան - Տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ


Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին նախատօնակէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւն` տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում:

Մայրավանքի շրջափակին մէջ կը տիրէր ճոխ մթնոլորտ, որովհետեւ հոն հաւաքուած էին գաղութին մանուկները եւ շրջապատուած էին տօնական զարդարանքներով, նուագներով, երգերով ու պարերով: Տօնախմբութիւնը սկսաւ Հեթում աբղյ. Տաղլեանի եւ Ժանին Դանիէլեանի բարի գալուստի խօսքով, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը: Սրբոց Ծննդեան երգերով ելոյթ ունեցան Սրբոց Վարդանանց, Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններուն աշակերտները, ինչպէս նաեւ «Կեդրոն» եւ մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներն ու «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի փոքրիկները:

«Ս. Ծննդեան խորհուրդը» օրաթորիոյէն պատառիկներ հրամցուց Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը, իսկ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի «Տաթեւ» պարախումբը ներկայացուց «Բերդ պար»-ը:

Երգերուն եւ պարերուն յաջորդեցին Ս. Ծննդեան կերպարներու հանդիսաւոր մուտքը մսուր, որմէ ետք տօնածառին ու մսուրին լուսաւորումը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ: Վեհափառ հայրապետը  իր սրտի խօսքը արտասանեց վեհարանի պատշգամէն, որմէ ետք շողշողուն լոյսեր արտացոլացին տօնածառէն եւ մսուրէն: Ասոր զուգահեռ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, եւ մայրավանքին շրջափակէն հնչեցին տօնական երգեր: Ապա հասան Կաղանդ պապուկները` «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին մասնակցութեամբ, եւ նուէրներ բաժնուեցան բոլոր ներկաներուն:

Նշենք, որ մայրավանքի շրջափակին մէջ ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած էին հիւրասիրութեան կրպակներ, իսկ տօնախմբութեան յաջողութեան ազդակներէն էին նուիրատուները եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած կամաւոր բանակը, որ ջանք չխնայեց կանոնաւոր կերպով ներկայ գտնուելու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքներուն:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.